DAY 1 — APRIL 11, 2026 · 10:15–12:15
Round Table 1 – The Diaspora at the Heart of Strategic Challenges
The first round table of the international conference of the Armenian diaspora addressed a central theme: the strategic role of the diaspora in resolving national challenges — and what political agenda the diaspora should set for itself. The discussion brought together high-level speakers from Armenia, Artsakh, the United States and Europe, in a key exchange aimed at shaping a common political vision for the diaspora in the face of the major challenges confronting the Armenian world.
Summary
Կլոր Սեղան 1- Սփիւռքի Ռազմավարական Դերը Ազգային Հիմնախնդիրներու Լուծման Մէջ. Ո՞րն է Սփիւռքի Քաղաքական Օրակարգը
Հայկական ներկայ Սփիւռքը իր էութեամբ քաղաքական երեւոյթ է, որովհետեւ ան ստեղծուած է պատմաքաղաքական հանգամանքներու բերումով եւ գործած է ազգային-քաղաքական նպատակներով։ Իր ներկայ կացութաձեւով՝ ան ունի երկար տասնամեակներու պատմութիւն եւ ժառանգ, իր հարստութիւններով եւ թերիներով։ Ճիշդ է, որ Սփիւռքի յետագայ ձեւաւորումը ունեցած է այլ զարգացումներ եւս, բայց ատոնք չեն փոխած Սփիւռքի հիմնական նկարագիրը եւ կերպարանքը։
Անհրաժեշտ է ունենալ այնպիսի ռազմավարութիւն, որ կը բարելաւէ Սփիւռքի կեանքը, ուժ եւ կենսունակութիւն կու տայ, հաղորդակցութեան ու կառուցուածքային փոփոխութիւններով նոր որակ կը բերէ։
Սփիւռքը, հայկական ինքնութեան պահպանման ու զարգացման համար, կարիք ունի իր մօտեցումները եւ գործիքակազմը թարմացնելու, նպատակ ունենալով ընդլայնել հասանելիութիւնը եւ մատչելիութիւնը, եւ կարեւորելով գլխաւոր դերակատարներու միջեւ համագործակցութիւնը։ Այդ գործիքակազմին մաս կը կազմէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու սերտացումը։ Կենսական է նաեւ հայ երիտասարդութեան մէջ ազգային արժէքներու սերմանումը, պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութեան խթանումը՝ իրենց վստահելով շարք մը մարտահրաւէրներու յաղթահարումը։
Անհրաժեշտ է նաեւ ձեւաւորել Սփիւռքի տնտեսական հնարաւորութիւնները՝ ի նպաստ համազգային օրակարգին ուղղելու համար, նաեւ որպէս միջոց՝ տեղ ունենալու միջազգային շահերու սեղանին շուրջ։
Համազգային խնդիրներու լուծման մէջ Սփիւռքի ռազմավարական դերը պէտք է ըլլայ լրացուցիչ, նախընտրաբար պետութեան հետ համակարգուած, թէեւ ներկայ իրադրութեան մէջ յաճախ կարիքը պիտի ըլլայ շրջանցելու պաշտօնական ՀՀ-ը (յանձին անոր իշխանութեան) եւ «Իրական Հայաստան»ը։ «Իրական Հայաստանի» անձնատուութեան ռազմավարութիւնը խաղաղութեան տանող ուղի չէ։ Անիկա կառավարուող անկումի, անվերջ նուազող ակնկալիքներու եւ ի վերջոյ ազգային ինքնասպանութեան ռազմավարութիւն է, որ չի կրնար երաշխաւորել այսօրուան անվտանգութիւնը, եւ աւելի ողբերգականօրէն կը փակէ՝ ապագայի արդարութեան վրայ հիմնուած իրական խաղաղութեան որեւէ դուռ։
Ազգը, այս պարագային հիմնականօրէն Սփիւռքի ճիգերով, պէտք է վերակազմակերպուի, մշակէ եւ կատարելագործէ այնպիսի համաշխարհային լծակներ, որպէսզի անուրանալի եւ անփոխարինելի ուժ դառնայ թէ՛ պետութեան եւ թէ ազգի գոյատեւման համար։
Հայ ազգը իր ամէնէն զօրեղ վիճակին մէջ կ’ըլլայ երբ իր պետական եւ համազգային օրակարգերը զիրար կը լրացնեն՝ ընթանալով զուգահեռ ուղիներով, առաջնորդուած նոյն նպատակով։ Իրականութեան մէջ այդ օրակարգերը զիրար փոխլրացնող են եւ այդ օրակարգերը զիրար հակադրուած տեսնելը, զիրար հակադրելը արհեստական է եւ վնասակար ամբողջ ազգին, ներառեալ պետութեան գոյութեան եւ շահերուն համար։
Ցանկալի է, որ Սփիւռքն ու պետութիւնը գործեն որպէս անկախ դերակատարներ՝ ուղղուած նոյն նպատակակէտին։ Երբ պետութիւնը ճնշումներու ենթարկուի, ազգը պէտք է կարենայ մնալ անդրդուելի։ Անկախաբար գործելով՝ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի շրջանցել այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք կը հարուածեն մեր պետութիւնը եւ ազգի երկարատեւ անվտանգութիւնը։
Սփիւռքի ռազմավարական, ազգային դերը, համազգային խնդիրներուն լուծման մէջ այնքան է, ինչքան ինքը Սփիւռքը կը փորձէ դերակատար ըլլալ։ Այս ուղղութեամբ, անհրաժեշտ է, որ իր քաղաքական օրակարգին մաս դարձնէ երկու իրար շաղկապուած հարցեր՝ սփիւռքի հաւաքական քաղաքական կամքի դրսեւորման միջոցի՝ գործիքի ստեղծումը եւ հաւաքական քաղաքական կամքի ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական օրակարգին մէջ։ Այս նպատակները կարելի է իրականացնել ընտրութիւններով եւ կամ համախմբումի տարբեր միջոցներով, որոնց շուրջ անհրաժեշտ է համասփիւռքեան եւ համահայկական քննարկումներու ձեռնարկել։ Բոլոր հնարաւորութիւնները եւ հաւանական խոչընդոտները նկատի ունենալով, Սփիւռքը ի՛նք պիտի որոշէ իր քաղաքական օրակարգի թիրախները, ուղղութիւնն ու քայլերը։
ՀՀ հասարակութիւնը յոգնած, բարոյալքուած եւ հիասթափուած է։ 1990-ական թուականներուն պայքարելու կամքը գոյութիւն չունի այսօր։ Հայկական իրականութիւնը այսօր տարբեր է քան էր ընդամէնը 6-7 տարի առաջ, երբ կար համազգային օրակարգ եւ կար այդ օրակարգը հետապնդող «եռամիասնութիւն» (Հայասանի Հանրապետութիւն, Արցախի Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք)։ Այսօր, այդ նոյն համազգային օրակարգի հարցերը հետապնդող մէ՛կ հիմանկան դերակատար կայ՝ Սփի՛ւռքը։Արցախեան իշխանութիւնները չունին այն միջոցները եւ կարողութիւնները, որ ժամանակին ունէին, իսկ երրորդ դերակատարը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յանձինս իր իշխանութիւններուն, այլեւս ոչ միայն չի զբաղիր Արցախի եւ Ցեղասպանութեան հարցերով, այլ հակառակը կ՚ընէ, փորձելով արգիլել եւ կամ առնուազն խոչընդոտել, որ միւս դերակատարներն ալ այդ ուղղութիւններով աշխատանք տանին։
Հետեւաբար համազգային օրակարգի հարցերու բարձրաձայնումի եւ պաշտպանութեան գործը մեծ բաժինով մնացած է Սփիւռքի պատասխանատուութեան։ Յատկապէս Արցախի հարցերը, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն, Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութենէն եւ 2023-ին Արցախի ամբողջական հայաթափումէն ետք, աւելի բազմազան դարձած են, ներառելով բռնի տեղահանուած ժողովուրդի եւ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, մինչեւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը։
Միւս կողմէն, հայկական հնագոյն հաստատութեան՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ արշաւը չի տեղաւորուիր ոեւէ ազգային օրակարգի մէջ, ինչ որ ՀԱԵ-ին պաշտպանութիւնը այդ արշաւէն դարձած է համազգային օրակարգ։
Սփիւռքը, իր տարբեր կառոյցներով եւ անհատ ազդեցիկ անձնաւորութիւններու հնարաւորութիւններով, կարողութիւն ունի վեց ցամաքամասերու վրայ պաշտպանելու հայկական շահերը, պահպանելու մեր ժառանգութիւնը եւ յառաջ մղելու հայկական իղձերը։ Այդ ներուժը կրնայ լրացնել պետական մակարդակի դիւանագիտութեան կառուցողական տարրերը, միաժամանակ բարձրացնելով հայկական հարցերը, բանաձեւելով, բարձրաձայնելով եւ պաշտպանելով հայութեան իրաւունքները եւ ընդլայնելով Հայաստանի Հանրապետութեան հնարաւորութիւններու դաշտը այնպիսի ձեւերով, որոնք պետական դիւանագիտութեան կարողութիւններէն տարբեր են։ Գոյատեւելու համար համահայկական աշխարհը պէտք է գործէ որպէս իր սեփական ճակատագրին ինքնիշխան տէրը, զարգացող Հայրենիք մը՝ զօրակցող Սփիւռքով մը, որ ինքնին աշխարհաքաղաքական ուժ է։
Հայ Սփիւռքը, որոշ առումներով, այսօր աշխարհաքաղաքական ինքնուրոյն ուժ է՝ աւելի ազդեցիկ, քան շատ մը երկիրներու կառավարութիւններ։ Սփիւռքը կը գործէ համաշխարհային իրականութեան մը, միջազգային այնպիսի մրցապայքարի մը մէջ, որ կը բնորոշուի պետութիւններու եւ անդր-ազգային ցանցերու միջեւ սուր բախումներով։ Այս իրավիճակին մէջ, Սփիւռքի քաղաքական օրակարգի ուղղութիւններէն մէկը հայկական պետութեան անվտանգութիւնը եւ գոյատեւումը ապահովելու միտուած աշխատանքներուն աջակցութիւնն է։
Սփիւռքի ներուժը մեծցնելը, այդ ներուժը համազգային օրակարգին ծառայեցնելը կ՚ենթադրէ նաեւ այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք թէեւ իրենց ձեւով ոչ-քաղաքական են, բայց էութեամբ՝ քաղաքական են։ Նման նախաձեռնութիւններու մաս կը կազմեն Սփիւռքի հնարաւորութիւններու վիճակագրումը, համաշխարհային տարբեր՝ վերլուծական, հասարակական, արհեստագիտական, տեղեկատուական հարթակներու մէջ հայ տարրի ներկայութիւնն ու ազդեցութեան մեծացումը, հայկական պատմական եւ մշակութային կեդրոններու պահպանումը եւ նորերու ձեւաւորումը, միջ-համայնքային կապերու զարգացումը եւ համագործակցութեան ձեւաւորումը, վտանգուած հայ համայնքներու պաշտպանութիւնը եւ պահպանումը։