Կլոր Սեղան 1- Սփիւռքի Ռազմավարական Դերը Ազգային Հիմնախնդիրներու Լուծման Մէջ. Ո՞րն է Սփիւռքի Քաղաքական Օրակարգը
Հայկական ներկայ Սփիւռքը իր էութեամբ քաղաքական երեւոյթ է, որովհետեւ ան ստեղծուած է պատմաքաղաքական հանգամանքներու բերումով եւ գործած է ազգային-քաղաքական նպատակներով։ Իր ներկայ կացութաձեւով՝ ան ունի երկար տասնամեակներու պատմութիւն եւ ժառանգ, իր հարստութիւններով եւ թերիներով։ Ճիշդ է, որ Սփիւռքի յետագայ ձեւաւորումը ունեցած է այլ զարգացումներ եւս, բայց ատոնք չեն փոխած Սփիւռքի հիմնական նկարագիրը եւ կերպարանքը։
Անհրաժեշտ է ունենալ այնպիսի ռազմավարութիւն, որ կը բարելաւէ Սփիւռքի կեանքը, ուժ եւ կենսունակութիւն կու տայ, հաղորդակցութեան ու կառուցուածքային փոփոխութիւններով նոր որակ կը բերէ։
Սփիւռքը, հայկական ինքնութեան պահպանման ու զարգացման համար, կարիք ունի իր մօտեցումները եւ գործիքակազմը թարմացնելու, նպատակ ունենալով ընդլայնել հասանելիութիւնը եւ մատչելիութիւնը, եւ կարեւորելով գլխաւոր դերակատարներու միջեւ համագործակցութիւնը։ Այդ գործիքակազմին մաս կը կազմէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու սերտացումը։ Կենսական է նաեւ հայ երիտասարդութեան մէջ ազգային արժէքներու սերմանումը, պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութեան խթանումը՝ իրենց վստահելով շարք մը մարտահրաւէրներու յաղթահարումը։
Անհրաժեշտ է նաեւ ձեւաւորել Սփիւռքի տնտեսական հնարաւորութիւնները՝ ի նպաստ համազգային օրակարգին ուղղելու համար, նաեւ որպէս միջոց՝ տեղ ունենալու միջազգային շահերու սեղանին շուրջ։
Համազգային խնդիրներու լուծման մէջ Սփիւռքի ռազմավարական դերը պէտք է ըլլայ լրացուցիչ, նախընտրաբար պետութեան հետ համակարգուած, թէեւ ներկայ իրադրութեան մէջ յաճախ կարիքը պիտի ըլլայ շրջանցելու պաշտօնական ՀՀ-ը (յանձին անոր իշխանութեան) եւ «Իրական Հայաստան»ը։ «Իրական Հայաստանի» անձնատուութեան ռազմավարութիւնը խաղաղութեան տանող ուղի չէ։ Անիկա կառավարուող անկումի, անվերջ նուազող ակնկալիքներու եւ ի վերջոյ ազգային ինքնասպանութեան ռազմավարութիւն է, որ չի կրնար երաշխաւորել այսօրուան անվտանգութիւնը, եւ աւելի ողբերգականօրէն կը փակէ՝ ապագայի արդարութեան վրայ հիմնուած իրական խաղաղութեան որեւէ դուռ։
Ազգը, այս պարագային հիմնականօրէն Սփիւռքի ճիգերով, պէտք է վերակազմակերպուի, մշակէ եւ կատարելագործէ այնպիսի համաշխարհային լծակներ, որպէսզի անուրանալի եւ անփոխարինելի ուժ դառնայ թէ՛ պետութեան եւ թէ ազգի գոյատեւման համար։
Հայ ազգը իր ամէնէն զօրեղ վիճակին մէջ կ’ըլլայ երբ իր պետական եւ համազգային օրակարգերը զիրար կը լրացնեն՝ ընթանալով զուգահեռ ուղիներով, առաջնորդուած նոյն նպատակով։ Իրականութեան մէջ այդ օրակարգերը զիրար փոխլրացնող են եւ այդ օրակարգերը զիրար հակադրուած տեսնելը, զիրար հակադրելը արհեստական է եւ վնասակար ամբողջ ազգին, ներառեալ պետութեան գոյութեան եւ շահերուն համար։
Ցանկալի է, որ Սփիւռքն ու պետութիւնը գործեն որպէս անկախ դերակատարներ՝ ուղղուած նոյն նպատակակէտին։ Երբ պետութիւնը ճնշումներու ենթարկուի, ազգը պէտք է կարենայ մնալ անդրդուելի։ Անկախաբար գործելով՝ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի շրջանցել այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք կը հարուածեն մեր պետութիւնը եւ ազգի երկարատեւ անվտանգութիւնը։
Սփիւռքի ռազմավարական, ազգային դերը, համազգային խնդիրներուն լուծման մէջ այնքան է, ինչքան ինքը Սփիւռքը կը փորձէ դերակատար ըլլալ։ Այս ուղղութեամբ, անհրաժեշտ է, որ իր քաղաքական օրակարգին մաս դարձնէ երկու իրար շաղկապուած հարցեր՝ սփիւռքի հաւաքական քաղաքական կամքի դրսեւորման միջոցի՝ գործիքի ստեղծումը եւ հաւաքական քաղաքական կամքի ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական օրակարգին մէջ։ Այս նպատակները կարելի է իրականացնել ընտրութիւններով եւ կամ համախմբումի տարբեր միջոցներով, որոնց շուրջ անհրաժեշտ է համասփիւռքեան եւ համահայկական քննարկումներու ձեռնարկել։ Բոլոր հնարաւորութիւնները եւ հաւանական խոչընդոտները նկատի ունենալով, Սփիւռքը ի՛նք պիտի որոշէ իր քաղաքական օրակարգի թիրախները, ուղղութիւնն ու քայլերը։
ՀՀ հասարակութիւնը յոգնած, բարոյալքուած եւ հիասթափուած է։ 1990-ական թուականներուն պայքարելու կամքը գոյութիւն չունի այսօր։ Հայկական իրականութիւնը այսօր տարբեր է քան էր ընդամէնը 6-7 տարի առաջ, երբ կար համազգային օրակարգ եւ կար այդ օրակարգը հետապնդող «եռամիասնութիւն» (Հայասանի Հանրապետութիւն, Արցախի Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք)։ Այսօր, այդ նոյն համազգային օրակարգի հարցերը հետապնդող մէ՛կ հիմանկան դերակատար կայ՝ Սփի՛ւռքը։Արցախեան իշխանութիւնները չունին այն միջոցները եւ կարողութիւնները, որ ժամանակին ունէին, իսկ երրորդ դերակատարը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յանձինս իր իշխանութիւններուն, այլեւս ոչ միայն չի զբաղիր Արցախի եւ Ցեղասպանութեան հարցերով, այլ հակառակը կ՚ընէ, փորձելով արգիլել եւ կամ առնուազն խոչընդոտել, որ միւս դերակատարներն ալ այդ ուղղութիւններով աշխատանք տանին։
Հետեւաբար համազգային օրակարգի հարցերու բարձրաձայնումի եւ պաշտպանութեան գործը մեծ բաժինով մնացած է Սփիւռքի պատասխանատուութեան։ Յատկապէս Արցախի հարցերը, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն, Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութենէն եւ 2023-ին Արցախի ամբողջական հայաթափումէն ետք, աւելի բազմազան դարձած են, ներառելով բռնի տեղահանուած ժողովուրդի եւ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, մինչեւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը։
Միւս կողմէն, հայկական հնագոյն հաստատութեան՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ արշաւը չի տեղաւորուիր ոեւէ ազգային օրակարգի մէջ, ինչ որ ՀԱԵ-ին պաշտպանութիւնը այդ արշաւէն դարձած է համազգային օրակարգ։
Սփիւռքը, իր տարբեր կառոյցներով եւ անհատ ազդեցիկ անձնաւորութիւններու հնարաւորութիւններով, կարողութիւն ունի վեց ցամաքամասերու վրայ պաշտպանելու հայկական շահերը, պահպանելու մեր ժառանգութիւնը եւ յառաջ մղելու հայկական իղձերը։ Այդ ներուժը կրնայ լրացնել պետական մակարդակի դիւանագիտութեան կառուցողական տարրերը, միաժամանակ բարձրացնելով հայկական հարցերը, բանաձեւելով, բարձրաձայնելով եւ պաշտպանելով հայութեան իրաւունքները եւ ընդլայնելով Հայաստանի Հանրապետութեան հնարաւորութիւններու դաշտը այնպիսի ձեւերով, որոնք պետական դիւանագիտութեան կարողութիւններէն տարբեր են։ Գոյատեւելու համար համահայկական աշխարհը պէտք է գործէ որպէս իր սեփական ճակատագրին ինքնիշխան տէրը, զարգացող Հայրենիք մը՝ զօրակցող Սփիւռքով մը, որ ինքնին աշխարհաքաղաքական ուժ է։
Հայ Սփիւռքը, որոշ առումներով, այսօր աշխարհաքաղաքական ինքնուրոյն ուժ է՝ աւելի ազդեցիկ, քան շատ մը երկիրներու կառավարութիւններ։ Սփիւռքը կը գործէ համաշխարհային իրականութեան մը, միջազգային այնպիսի մրցապայքարի մը մէջ, որ կը բնորոշուի պետութիւններու եւ անդր-ազգային ցանցերու միջեւ սուր բախումներով։ Այս իրավիճակին մէջ, Սփիւռքի քաղաքական օրակարգի ուղղութիւններէն մէկը հայկական պետութեան անվտանգութիւնը եւ գոյատեւումը ապահովելու միտուած աշխատանքներուն աջակցութիւնն է։
Սփիւռքի ներուժը մեծցնելը, այդ ներուժը համազգային օրակարգին ծառայեցնելը կ՚ենթադրէ նաեւ այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք թէեւ իրենց ձեւով ոչ-քաղաքական են, բայց էութեամբ՝ քաղաքական են։ Նման նախաձեռնութիւններու մաս կը կազմեն Սփիւռքի հնարաւորութիւններու վիճակագրումը, համաշխարհային տարբեր՝ վերլուծական, հասարակական, արհեստագիտական, տեղեկատուական հարթակներու մէջ հայ տարրի ներկայութիւնն ու ազդեցութեան մեծացումը, հայկական պատմական եւ մշակութային կեդրոններու պահպանումը եւ նորերու ձեւաւորումը, միջ-համայնքային կապերու զարգացումը եւ համագործակցութեան ձեւաւորումը, վտանգուած հայ համայնքներու պաշտպանութիւնը եւ պահպանումը։
Կլոր Սեղան 2 - Ազգային Արժէքներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը՝ Սփիւռքի մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման համար․ Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Ներածութիւն
Սփիւռքի Զօրաշարժի խորհրդաժողովի երկրորդ կլոր սեղանը նուիրուած էր ազգային արժէքներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան ուսումնասիրութեան՝ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման համատեքստին մէջ։ Քննարկումները տեղի ունեցան այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ քաղաքական, անվտանգային, ժողովրդագրական, մշակութային եւ արժեհամակարգային։ Այս մարտահրաւէրները կը շօշափեն ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այլեւ ամբողջ Սփիւռքը, անհրաժեշտ դարձնելով վերաիմաստաւորել հայ ինքնութեան պահպանման, համահայկական համագործակցութեան եւ ազգային կազմակերպուածութեան մօտեցումները։
Բանախօսներու եւ մասնակիցներու ելոյթներուն մէջ յստակ կերպով հնչեց այն համոզումը, որ հայ ժողովուրդի ապագան կախեալ է ոչ միայն արտաքին պայմաններէն, այլ առաջին հերթին մեր հաւաքական կարողութենէն՝ պահպանելու մեր ինքնութիւնը, ամրապնդելու մեր արժէքները եւ համադրելու մեր ներուժը՝ յանուն ընդհանուր նպատակներու։ Այս իմաստով, ազգային արժէքները` Հայ Եկեղեցին, կրթական հաստատութիւնները, համայնքային կառոյցները եւ Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ հայութեան գոյատեւման եւ զարգացման հիմնական սիւները։
Հայկական ինքնութիւնը՝ պատմական ժառանգութենէն դէպի ապագայի տեսլական
Քննարկումներուն առանցքին մէջ գտնուեցաւ հայկական ինքնութեան հարցը։ Ընդգծուեցաւ, որ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ կրցած է պահպանել իր ինքնութիւնը նոյնիսկ պետականութեան բացակայութեան, բռնագաղթերու, հալածանքներու եւ ցեղասպանութեան պայմաններուն մէջ։ Այս իրողութիւնը պատահական չէ, այլ արդիւնք է այն արժեհամակարգին, որ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած է հայոց պատմութեան, մշակոյթի, լեզուի եւ հաւատքի հիման վրայ։
Հայկական ինքնութիւնը ներկայացուեցաւ որպէս բազմաշերտ իրականութիւն, որ կը ներառէ ազգային յիշողութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնը, լեզուն, քրիստոնէական արժէքները, հայրենիքի նկատմամբ պատասխանատուութիւնը եւ համայնքային կեանքի փորձառութիւնը։ Այս բոլոր բաղադրիչները միասին կը կազմեն այն հիմքը, որ հայ ժողովուրդին թոյլ տուած է գոյատեւել եւ վերականգնել ինքզինք ամենադժուար ժամանակներուն։
Միաժամանակ արձանագրուեցաւ, որ ներկայ ժամանակաշրջանին հայկական ինքնութիւնը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ։ Համաշխարհայնացումը, անհատապաշտութեան աճը, բազմամշակութային միջավայրերու ազդեցութիւնը, լեզուական նահանջը եւ երիտասարդ սերունդներու կեանքի փոփոխուած պայմանները կը պահանջեն ինքնութեան պահպանման նոր մօտեցումներ։ Այսօր այլեւս բաւարար չէ ինքնութիւնը պարզապէս ժառանգել. անհրաժեշտ է զայն գիտակցաբար ապրիլ, վերիմաստաւորել եւ փոխանցել նոր սերունդներուն՝ ժամանակակից իրականութիւններուն համապատասխան ձեւերով։
Քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ հայկական ինքնութեան պահպանումը պէտք չէ սահմանափակուի միայն պաշտպանողական մօտեցումով։ Անհրաժեշտ է ոչ միայն պահպանել անցեալէն ստացած ժառանգութիւնը, այլ նաեւ զարգացնել այն, որպէսզի շարունակէ մնալ ապրող, ստեղծագործ եւ ներշնչող ուժ ապագայ սերունդներուն համար։
Հայ Եկեղեցին՝ հայութեան հոգեւոր հայրենիքը եւ ազգային ինքնութեան առանցքը
Բանախօսներուն մեծ մասը առանձնայատուկ կարեւորութիւն տուաւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան։ Ընդգծուեցաւ, որ Հայ Եկեղեցին պատմականօրէն հանդիսացած է հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման հիմնասիւններէն մէկը։ Ան ոչ միայն կրօնական հաստատութիւն է, այլ նաեւ ազգային յիշողութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ համախմբման կեդրոն։
Յիշուեցաւ, որ քրիստոնէութեան ընդունումը հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն շրջադարձերէն մէկն էր։ Հայ գրերու ստեղծումը, Սուրբ Գիրքի թարգմանութիւնը, հայկական դպրութեան եւ մշակոյթի զարգացումը սերտօրէն կապուած են եկեղեցական առաքելութեան հետ։ Դարեր շարունակ եկեղեցին դարձած է այն հաստատութիւնը, որ պահպանած է ազգային ինքնագիտակցութիւնը, երբ պետական կառոյցները բացակայած են։
Քննարկումներուն մէջ բազմիցս շեշտուեցաւ նաեւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ներկայիս եւս կը մնայ այժմէական։ Եկեղեցին կոչուած է ոչ միայն պահպանելու ժառանգութիւնը, այլ նաեւ առաջնորդելու հայութիւնը հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային նորոգման ճանապարհին։ Յատկապէս Սփիւռքի մէջ, եկեղեցին կը շարունակէ հանդիսանալ այն եզակի հարթակներէն մէկը, ուր տարբեր սերունդներ, տարբեր ծագումներ եւ տարբեր աշխարհայեացքներ ունեցող հայորդիներ կը հանդիպին եւ կը վերագտնեն իրենց պատկանելիութիւնը։
Ֆրանսայի եւ այլ գաղութներու փորձառութիւնները ցոյց կու տան, որ եկեղեցւոյ շուրջ ձեւաւորուած համայնքները, դպրոցները եւ մշակութային կառոյցները կը շարունակեն մնալ ձուլման դէմ պայքարի ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցներէն։ Այն վայրերուն մէջ, ուր գոյութիւն ունին եկեղեցական եւ կրթական կառոյցներ, ազգային կեանքը աւելի կենսունակ կը մնայ, իսկ նոր սերունդներու ներգրաւումը աւելի դիւրին կը դառնայ։
Սփիւռքը՝ բազմազան, բայց միասնական համահայկական իրականութիւն
Քննարկումներու ընթացքին լայն տեղ գրաւեց Սփիւռքի ներկայի եւ ապագայի հարցը։ Ընդգծուեցաւ, որ Ցեղասպանութենէն յետոյ հայութիւնը կարողացաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծել կազմակերպուած համայնքներ, որոնք պահպանեցին լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային պատկանելիութիւնը։ Դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային եւ երիտասարդական կազմակերպութիւնները տասնամեակներ շարունակ հանդիսացան այս գործընթացի հիմնական գործիքները։
Սակայն ներկայ Սփիւռքը զգալիօրէն տարբեր է նախորդ սերունդներու Սփիւռքէն։ Այսօր հայ համայնքները կ՚ապրին քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային տարբեր միջավայրերու մէջ։ Ժամանակի ընթացքին անոնք զարգացուցած են տարբեր կազմակերպչական մշակոյթեր, աշխատանքային եղանակներ եւ մտածելակերպեր։ Հետեւաբար, ժամանակակից Սփիւռքը ունի բազմամշակութային եւ բազմազան դիմագիծ։
Քննարկումներու ընթացքին այս իրողութիւնը դիտուեցաւ ոչ թէ որպէս խնդիր, այլ որպէս հարստութիւն։ Տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերը կուտակած են տարբեր փորձառութիւններ, գիտելիքներ եւ կարողութիւններ, որոնք կրնան ծառայել ամբողջ հայութեան զարգացման։ Այս բազմազանութիւնը կրնայ դառնալ ազգային ուժի աղբիւր, եթէ յաջողինք զայն կազմակերպել եւ համադրել ընդհանուր նպատակներու շուրջ։
Այս պատճառով մասնակիցները շեշտեցին, որ ապագայի կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկը պիտի ըլլայ զարգացնել այն մշակոյթը, որ կը խրախուսէ փոխադարձ ճանաչողութիւնը, համագործակցութիւնը եւ փորձառութիւններու փոխանակումը։ Սփիւռքը պէտք է դիտել որպէս մէկ անդրսահմանային հայկական մարմին, որուն տարբեր հատուածները կ՚ապրին տարբեր իրականութիւններու մէջ, սակայն կը հետապնդեն ազգային նոյն առաքելութիւնը։
Հայաստան–Սփիւռք համագործակցութիւնը՝ համահայկական առաջնահերթութիւն
Քննարկումներուն եւ մասնակիցներու արձագանգներուն մէջ ամէնէն յաճախ կրկնուող թեմաներէն մէկը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ աւելի սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնն էր։
Բոլորը համակարծիք էին, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ճակատագրերը փոխկապակցուած են։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները անմիջական ազդեցութիւն կ՚ունենան Սփիւռքի կենսունակութեան վրայ, մինչ Սփիւռքը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի համար մարդկային, մտաւոր, մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական կարեւոր ներուժ։
Մասնակիցները շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է անցնիլ համագործակցութեան աւելի գործնական ձեւերու։ Բաւարար չէ միայն խօսիլ համահայկական միասնութեան մասին. անհրաժեշտ է ստեղծել յստակ մեքանիզմներ, որոնք պիտի ապահովեն գիտելիքներու փոխանակումը, փորձառութիւններու տարածումը եւ տարբեր կառոյցներու միջեւ շարունակական համագործակցութիւնը։
Յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ երիտասարդութեան ներգրաւման հարցին։ Մասնակիցները ընդգծեցին, որ անհրաժեշտ է ստեղծել նոր հարթակներ, որոնք երիտասարդներուն թոյլ պիտի տան ներգրաւուիլ համահայկական նախաձեռնութիւններու մէջ, զարգացնել առաջնորդական կարողութիւններ եւ մասնակցիլ որոշումներու կայացման գործընթացներուն։ Հայկական ինքնութեան պահպանումը եւ համահայկական համագործակցութեան ապագան մեծապէս կախեալ պիտի ըլլան երիտասարդ սերունդներու ներգրաւուածութենէն։
Եզրակացութիւն եւ առաջարկուած ուղղութիւններ
Քննարկումներու ընթացքին հնչած գաղափարներուն եւ մասնակիցներու արձագանգներուն հիման վրայ կարելի է արձանագրել, որ հայկական ինքնութեան պահպանման հարցը կը շարունակէ մնալ համահայկական առաջնահերթութիւն։ Սակայն ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ առաջ տարուած քաղաքականութիւնը կը միտի վերաձեւել հայկական ինքնութիւնը՝ հակադրելով «իրական» եւ պատմական Հայաստանը, ինչ որ խոր ճեղք կը յառաջացնէ ազգային գիտակցութեան մէջ։ Այս գործընթացը կ՚արտայայտուի կրթական, պատմական եւ խորհրդանշային փոփոխութիւններով (Արցախի եւ Ցեղասպանութեան նսեմացում, տեղանուններու թրքացում եւ այլն) եւ կ՚ուղեկցուի հայրենասիրութեան թուլացմամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, եկեղեցւոյ դէմ յարձակումները եւ այս փոփոխութիւնները կը դիտուին որպէս զիջումներ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ճնշումներուն։ Արդիւնքով՝ կը խորանայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ բաժանումը եւ կը վտանգուի հաւաքական յիշողութեան ու ազգային ինքնութեան պահպանութիւնը։
Միաժամանակ, քննարկումները ցոյց տուին, որ անհրաժեշտ է անցնիլ աւելի գործնական մօտեցումներու։ Մասնակիցները բազմիցս ընդգծեցին, որ ազգային նպատակներու շուրջ միաւորումը պէտք է ուղեկցուի յստակ գործողութիւններով, համակարգուած աշխատանքով եւ շարունակական համագործակցութեամբ։
Այս ուղղութեամբ յատկապէս կարեւոր կը նկատուին հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
- Հայաստան–Սփիւռք կապերու աւելի սերտացում եւ ինստիտուցիոնալ համագործակցութեան զարգացում։
- Երիտասարդներու աւելի լայն ներգրաւում ազգային եւ համահայկական գործընթացներուն մէջ։
- Համահայկական գիտելիքներու, փորձառութիւններու եւ մասնագիտական ներուժի փոխանակման հարթակներու ստեղծում։
- Հայ համայնքներուն միջեւ աւելի համակարգուած եւ հետեւողական համագործակցութեան զարգացում։
- Ազգային ինքնութեան` լեզուի, մշակոյթի եւ քրիստոնէական արժէքներու պահպանման եւ փոխանցման արդիական մօտեցումներու մշակում։
- Եկեղեցական, կրթական եւ համայնքային կառոյցներու միջեւ աւելի սերտ գործընկերութեան ձեւաւորում։
Վերջապէս, կլոր սեղանի ընդհանուր պատգամը այն էր, որ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները կարելի է յաղթահարել միայն համախմբուած, կազմակերպուած եւ համագործակցող համաշխարհային հայութեան միջոցով։ Հայկական ինքնութիւնը, ազգային արժէքները եւ Հայ Եկեղեցին կը շարունակեն մնալ այդ հաւաքական ուժի հիմքերը։
Սակայն ապագայի յաջողութիւնը կախուած պիտի ըլլայ մեր կարողութենէն՝ այդ հիմքերուն վրայ կառուցելու նոր համագործակցութիւն, նոր նախաձեռնութիւններ եւ նոր տեսլական, որոնք պիտի ծառայեն հայ ժողովուրդի երկարաժամկէտ զարգացման եւ կենսունակութեան։
Կլոր Սեղան 3 -Հայաստան–Սփիւռք Յարաբերութիւններու Հիմնահարցեր եւ Հորիզոններ
Համաշխարհային պատմութեան ամբողջ ընթացքը պայքար է ազդեցութեան մեծացման համար։ Մենք այդ պայքարում որդեգրել ենք պաշտպանական քաղաքականութիւն, մինչդեռ մենք նոյնպէս պէտք է մրցակցութեան մաս կազմենք՝ տնտեսական, գիտական եւ այլն, ապահովենք մեր ժողովրդի ու պետութեան համալիր զարգացումը։
Մենք զարմանալի ժողովուրդ ենք։ Կարողացել ենք դժբախտութիւնների միջով անցնել եւ պետութիւն ստեղծել, չենք վերացել։ Մենք պէտք է հպարտանանք նաեւ մեր անցեալով, ինչը կարող է ոգեւորել երիտասարդութիւնը։
Մեր սփիւռքի առկայութիւնը մեզ համար այդ մրցակցութեան մէջ ապահովում է շատ մեծ առաւելութիւն։ Սփիւռքը, իր ցանցային կառուցուածքով կարող է անել այն, ինչ չի կարող անել Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Պէտք չի վհատուել ներկայ պարտութիւններից, պարտութիւնները ժամանակաւոր են, դրանց կը յաջորդեն յաղթանակները, եթէ մենք գիտենք թէ ուր ենք գնում։
Դու պէտք է կռուես ու առաջ գնաս, որ գոյատեւես։ Հակառակ դէպքում քեզ չեն թողի զարգանաս։ Թուում է թէ ազգերի պայքարի գաղափարը յետամնացութիւն է, որովհետեւ երբեմն առաջանում են համաշխարհային շարժումներ, որոնք առաջին հայեացքից քողարկում են ազգերի պայքարի գաղափարը, սակայն կատաղի մրցակցութիւնը թէկուզ քողարկուած, շարունակւում է։
Արցախի հարցը կարեւորագոյն հարցն է, այդ օղակը պէտք է ճիշդ բռնել, որ ամբողջ շղթան ճիշդ կարողանանք քաշել։ Արցախի հայաթափումը նոր է եղել, եթէ պետութիւնները նոյնիսկ իրենց շահերից դրդուած դէմ լինեն արցախահայութեան վերադարձին, այնուամենայնիւ չեն կարող հրապարակային դա ասել եւ չպաշտպանել վերադարձի իրաւունքը որպէս այդպիսին։
Դժբախտաբար, մինչեւ այսօր Սփիւռքի ներուժը լիարժէք չի օգտագործուել։ Սփիւռքի աջակցութիւնը շատերի կողմից գնահատւում է միայն նիւթական չափանիշերով, եւ այդ պատճառով էլ ոմանք Սփիւռքը կոչում են «կթան կով»։
Չնայած 1997թ․ երկկաղաքացիութեան օրէնքը ընդունուեց, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը չխրախուսեց, որ սփիւռքահայերը դառնան Հայաստանի քաղաքացի։
Սփիւռքի նախարարութեան վերացումն ու յանձնակատարի նշանակումը ձախող որոշում էր, քանի որ վերջինս քանդեց Հայաստան-Սփիւռք աւանդական կապերը։ Կազմակերպութիւնները փոխարինուեցին մերձիշխանական անհատներով։
2024թ․ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովի ժամանակ Փաշինեանը յայտարարեց․ «մեզ ձեր մարդասիրական օգնութիւնը պէտք չէ», ինչը վիրաւորական էր սփիւռքի համար։
Փաշինեանի քաղաքականութիւնը, յատկապէս սփիւռքեան կազմակերպութիւնների հետ, ինչպէս նաեւ ներազգային քաղաքականութեան ուղենիշերը՝ պատուհաս են դարձել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնների համար։
Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնների պահպանման կարեւորութիւնը կայանում է մարդկային եւ մասնագիտական տեսլականների զարգացման մէջ։ Սփիւռքի նախարարութեան վերացումը ազդակ էր՝ ուղղուած այդ յարաբերութեան քայքայման։ Ակնյայտ է, որ ներկայիս հայկական կառավարութեան նպատակներից մէկն է այդ կապի խզումը։ Այն, ինչ դեռ ամբողջութեամբ պարզ չէ, այն է՝ արդեօք դա պարտադրուա՞ծ է արտաքին ուժերի կողմից։
Միւս խնդիրը Սահմանադրական փոփոխութիւններն են (այսինքն՝ Անկախութեան հռչակագրին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշմանը վերաբերող հատուածների հեռացումը)։
Մենք պէտք է գործենք այնպէս, որ առաջնահերթութիւն տրուի Հայաստանի բոլոր հարեւանների հետ լաւ յարաբերութիւններին։ Սակայն դա չի ենթադրում Ռուսաստանի լռութեան ընդունումը Հայաստանի ինքնիշխան սահմանների ներխուժման հարցում, ոչ էլ այն ուժերի աջակցութիւնը, որոնք նոյնիսկ չգիտեն՝ «ովքեր եւ ինչ են հայերը»։
Ո՛չ ԱՄՆ-ը, ո՛չ ԵՄ-ը, ո՛չ Ռուսաստանը իրականում հոգ չեն տանում Հայաստանի մասին։ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան նպատակը պէտք է սկսուի հենց այս գիտակցումից։
Մեր լուռ դերը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական շահերի առաջմղումն է։
Մենք ունենք մի շարք քաղաքական նպատակներ, որոնցից մի քանիսն արդէն հետապնդւում են․
- Շուէյցարիայում SOCAR Trading SA-ի դէմ իրաւական գործընթացի իրականացումը (OECD սկզբունքներին չհամապատասխանելու հիմքով), քանի որ մայր ընկերութիւնը՝ SOCAR-ը, ֆինանսաւորել է 2020 թուականի պատերազմը եւ Ատրպէճանի ռազմական սարքաւորումները։
- Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուած մարդկանց վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութիւնը։
- Պաքւում ապօրինաբար պահուող հայերի ազատ արձակումը։
- Լեռնային Ղարաբաղում հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը։
- Հայերի բնակավայրերի եւ ունեցուածքի բռնազաւթումն ու ոչնչացումը(օրինակ՝ Ստեփանակերտում)։
- Ատրպէճանի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի 240 քմ²-ի օկուպացիան։
Ուստի մենք պէտք է․
- Այս փաստարկները ծանրակշիռ դարձնենք միջազգային կառոյցների (առաջին հերթին՝ ՄԱԿ-ի) եւ ազգային պետութիւնների համար։
- Քանդենք այն թեզը(ինչպէս ներքին, այնպէս էլ արտաքին դաշտում), թէ այս հարցերը կարող են պատերազմի յանգեցնել Ատրպէճանի հետ։
Այս ամէնը կարելի է անել առանց ներկայիս հայկական կառավարութեան դէմ պոպուլիստական մեղադրանքների (որոնք միայն սնուցում են արդէն գոյութիւն ունեցող ատելութեան խօսքը)։
Մենք պէտք է մեր դաշնակիցներին առաջարկենք որակեալ գործողութիւններ՝ առանց մեզ ազգայնական ուժերի պէս ներկայացնելու, այլ որպէս փոքրամասնութիւնների իրաւունքների իրական պաշտպանութեան ալիք։ Պէտք է ֆինանսաւորել այդ ուղղութեամբ գործող ուժերին։ Եւ պէտք է աջակցել նաեւ այն լրատուամիջոցներին, նոյնիսկ մեր քաղաքական շրջանակից դուրս, որոնք անկախ կերպով իրականացնում են այդ գործը։ Մտածէք՝ ինչո՞ւ Հայաստանում անկախ հարցումներ իրականացնող ինստիտուտ չի ընտրուել։ Աւելի լաւ չէ՞ր լինի ունենալ աւելի յստակ պատկերացում, թէ ինչ է իրականում տեղի ունենում։ Կառավարութիւնները գալիս ու գնում են, միջազգային իրաւունքը մնում է։
Հայաստանի պարագան առանձնայատուկ է սփիւռքային ուսումնասիրութիւնների մէջ։ Ինչպէս սփիւռքագէտ Խաչիկ Թոլոլեանն է սահմանել, Հայաստանը ընդհանուր իմաստով պարզապես ազգ-պետութիւն չէ, այլ «transnation»է՝ այսինքն ազգ, որի մեծամասնութիւնն ապրում է սահմաններից դուրս։ Այս իրականութիւնը պահանջում է կառավարման յատուկ մոտել։
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան արդիւնքում հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններում երեք ուղղութիւններով վատթարացում արձանագրուել է՝ հաստատութենական, գաղափարախօսական եւ ռազմավարական։.
Որպէս Հաստատութենական խզման հաամտեքստում հասկանում ենք Սփիւռքի նախարարութեան լուծարում եւ սփիւռքեան հարցի լուսանցքայնացում, համահայկական խորհրդաժողովների դադրեցում, համատեղ կառուցողական ծրագրերի կտրուկ նուազում։
Որպէս Գաղափարախօսական խզման համատեքստում հասկանում ենք ազգային ինքնութեան վերասահմանումը և դրա սփիւռքեան հետեւանքները, «Իրական Հայաստան» ընդդէմ «Պատմական Հայաստան»ի հայեցակարգը, պատմութեան դասագրքերի վերափոխումը, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնների վատթարացումը։
Որպէս Ռազմավարական խզման համատեքստում հասկանում ենք Արցախի կորուստը եւ սփիւռքային վստահութեան փլուզումը, Արցախի էթնիկ զտումը, Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգից հրաժարումը։
Իբրեւ սփիւռքեան քաղաքականութեան ձախողման հիմնական պատճառներ կարելի է նշել պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ քաղաքական տեսլականի տարբերութիւնը, փոխադարձ անվստահութիւնը, հաստատութենական համապատասխան մոտելի բացակայութիւնը եւ այլն։
Իբրև հետևանք ցեղասպանութեան՝ տարբեր երկրներում հայկական ներկայութիւն ապահովուեց։ Երբ այդ երկրներից արտագաղթ եղաւ, հայերն իրենց հետ տարան այդ երկրներից վերցրած մշակոյթը։ Դրա վրայ աւելացաւ Հայաստանից մեկնածները եւ առաջացան սփիւռքեան նոր համայքններ։ Մենք այսօր ունենք խայտաբղէտ սփիւռքեր։
Լիբանանում այդ օրինակն ունենք։ Սփիւռքում միասնութիւնը յաճախ կենսական ներկայութիւն է ունենում, յաճախ այլ երկրներ կարող են փորձել շահագործել մեր սփիւռքեան պառակտումը։
Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններում խնդիրներն էլ նոր երեւոյթ չեն։ Սակայն այս վարչախմբի օրերին, բոլոր սահմանները հատուեցին։ Յստակ է՝ սփիւռքից դժգոհողը յաճախ միայն հիմա չի որ դժգոհում է։
Ցեղասպանութիւնից յետոյ, երբ Ազգերի լիկան քննարկում էր տեղահանուած հայերի հաստատման տեղի հարցը, Թուրքիան աշխատանքներ էր տանում, որ հայերը չբնակեցուեն Թուրքիայի սահմանների վրայ՝ Սիրիա, Լիբանան, Իրաք, այլ գնան Թումոզ, Կիպրոս ու Մատակասքար։ Այն ինչ չկարողացան այն ժամանակ անել, արդեօք պիտի չփորձէ՞ր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ անել, որպէսզի տկարացնի սփիւռքահայութիւնը եւ դժուարացնի գոյատեւումը։
Հիմա Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնների համար սփիւռքը գլխացաւանք է այնպէս, ինչպէս Արցախը։
Մենք, այնուամենայիւ, պէտք է շարունակենք մեր յանձնառութիւնը Հայաստանի պետականութեան հանդէպ եւ իշխանափոխութիւնից յետոյ նուիրուենք կորցրածը վերականգնելու գործին։
Վերջերս մի մտայնութիւն կայ, որ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութները կարող են միայն մշակութային միաւորներ լինել, սակայն պէտք չէ աչքաթող անել, որ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներում մենք նաեւ քաղաքական իրաւունքներ ու ներկայութիւն ունենք։ Սա անձնասպանութիւն կը դառնայ այդ գաղութների համար։ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութները դեռ կարող են շարունակել պայքարը Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնութեան համար։
Երազները չեն կարող ժամանակ ունենալ, դրանք յաւիտենական են։ Մեր հիմնական նպատակների մէջ չենք կարող զիջումներ ունենալ, կարող են ժամանակաւոր առաջնահերթութիւններ ճշդուել, սակայն պայքարը Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի համար պէտք է շարունակուի։
Հայրենիք- սփիւռք գործակցութեան միջազգային փորձը
ԻՍՐԱՅԷԼ
Համակարգուած աշխատանք Սփիւռքի հետ
Ի՞նչ են արել։
- Սահմանել Վերադարձի մասին օրէնք(զանգուածային եւ համակարգուած հայրենադարձութեան կազմակերպում)։
- Ուժեղ կլոպալ կազմակերպութիւն (jewish agency for Israel)։.
- Քոնքրէտ ծրագրեր, օրինակ Birthright Israelերիտասարդների հայրենիք ճամբորդութիւններ:
Արդիւնքը
- Զանգուածային ներհոսք մարդկանց եւ կապիտալի։
- Հզօր լոպպի աշխարհում։
- Երկրի պաշտպանութիւն ճգնաժամերի պահերին։
Մեծ նշանակութիւն է տրւում հայրենադարձութեան եւ ինքնութեան պահպանմանն ու ձեւաւորման:
Սփիւռքը պետութեան մասն է, այլ ոչ թէ «դրսի բազմութիւն»։
ԻՌԼԱՆՏԻԱ
Ի՞նչ են արել։
- Ստեղծել են իռլանտացիների կլոպալ ընդհանուր ցանց։
- Աքտիւօրէն ներգրաւել են սփիւռքը երկրի ներդրումային ծրագրերի մէջ։
- Մեկնարկ են տուել այնպիսի նախաձեռնութիւնների, ինչպիսին է Global Irish Network-ը։.
Արդիւնքը
- Իրենց տնտեսութեան մէջ Ներգրաւել են միջազգային ընկերութիւններին։
- Դարձել են Եւրոպայի տեքնոլոկիական կեդրոնը։
Սփիւռքը օգնել է վերամեկնարկելու երկրի տնտեսութիւնը, ձեւաւորւել է կլոպալ ցանց:
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
Ի՞նչ են արել։
- Մասնագէտների պաշտպանութիւն արտերկրում, արտերկրի հնդիկները օգտւում են յատուկ կարգավիճակներից, ինչպիսիք են՝ OCI եւ PIO։.
- Կապ են հաստատել այսպէս կոչուած IT -սփիւռքի հետ (յատկապէս silicon Valley-ում)։.
- Հայրենադարձութեան եւ գործակցութեան ծրագրեր։
- Կազմակերպում են ամէնամեայ Pravasi Bharatiya Divas ֆորումը:
Արդիւնքը
- IT-սեկտորի զարգացում։
- Գիտելիքի եւ ներդրումների ներհոսք։
Սփիւռքը դա տեքնոլոկիական կամուրջ է։
ՉԻՆԱՍՏԱՆ
Ի՞նչ են արել։
- Ստեղծուել է արտերկրի չինացիների գործերի վարչութիւն։.
- Աքտիւօրէն վերադարձել են գործարարներին։
- Ստեղծել են պայմաններ սփիւռքից ստացուող ներդրումների համար։
- Օգտագործել են սփիւռքը արտաքին շուկաներ դուրս գալու համար։
Արդիւնքը
- Արագ արդիւնաբերական զարգացում։
- Կլոպալ պիզնէս-էքսպանսիա։
Սփիւռքը որպէս տնտեսական ռեսուրս եւ զարգացման միջոց։
ԹՈՒՐՔԻԱ
Ի՞նչ են արել։
- Ստեղծուել է արտերկրի թուրքերի գործերի վարչություն (YTB)։.
- Ապահովում է թուրքական դպրոցների եւ մշակութային կեդրոնների պետական աջակցութիւն։
Արդիւնքը
- Մշակութային եւ քաղաքական աշխատանքների զուգակցման շնորհիւ կազմակերպում է Սփիւռքի քաղաքական զօրաշարժը։
ՖՐԱՆՍԻԱ
Ի՞նչ են արել։
- Ստեղծուել է ֆրանսիացիների վեհաժողովը որպէս սփիւռքը ներկայացնող կառոյց։
- Արտերկրի ֆրանսիացիները կարող են ընտրել եւ ընտրուել։
Արդիւնքը
- Ապահովուել է արտերկիր ֆրանսիացիների ինստիտուցիոնալ ներգրաւումը քաղաքականութեան մէջ:
Գործնական առաջարկներ
- Սփիւռքի կողմից Արցախի իրաւունքների հռչակագրի(պաշտպանութեան ճանապարհային քարտէզի պատրաստում)։
- 2. Սփիւռքահայ խորհրդարանի ստեղծում, որպէս սփիւռքի կողմից ընտրուած ներկայացուցչական մարմին։
Կլոր Սեղան 4 - Սփիւռքի զօրաշարժ եւ վերաշխուժացում յանուն համազգային նպատակներու
Սփիւռքի դերակատարութիւնը պէտք է դուրս բերուի բարեսիրական կամ մշակութային սահմանափակ շրջանակներէն եւ զայն տեղաւորել միջազգային իրաւունքի ու քաղաքական ազդեցութեան դաշտին մէջ։ Այս մօտեցումը սփիւռքը կը դիտէ որպէս ռազմավարական դերակատար։
Հայկական պետութեան զուգահեռ դիւանագիտութեան գաղափարը տեսականօրէն գրաւիչ է, բայց գործնականօրէն կախեալ կը մնայ այն պետութիւններու քաղաքական կամքէն, որոնցմէ միջամտութիւն կ՚ակնկալուի։ Միջազգային իրաւունքը յաճախ կը գործէ ուժային քաղաքականութեան սահմաններուն մէջ, եւ ոչ միշտ՝ իրաւական սկզբունքներու մաքուր կիրառութեամբ։
«Սփիւռքներու իրաւունք» հասկացութիւնը հետաքրքրական եւ նորարար գաղափար մըն է, սակայն ներկայիս միջազգային համակարգը տակաւին հիմնուած է ինքնիշխան պետութեան վրայ։ Հետեւաբար այս գաղափարը աւելի շատ երկարաժամկէտ տեսլական է, քան մօտ ապագային իրագործելի քաղաքական ծրագիր։
Ռազմավարական առաջարկ՝ Ստեղծել Համաշխարհային Հայկական Իրաւական եւ Դիւանագիտական Ցանց
Սփիւռքի ազդեցութիւնը համակարգուած եւ երկարաժամկէտ դարձնելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել համաշխարհային մշտական ցանց մը, որ պիտի համախմբէ՝
- Միջազգային իրաւաբաններ
- Դիւանագէտներ
- Ակադեմականներ
- Քաղաքական վերլուծաբաններ
- Մարդու իրաւունքներու մասնագէտներ
- Սփիւռքեան կազմակերպութիւններ
Այս կառոյցին հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ.
- Արցախի վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութիւնը։
- Հայ գերիներու հարցի միջազգայինօրէն առաջ մղումը։
- Հայոց Ցեղասպանութեան եւ փոխհատուցման հարցերու իրաւական զարգացումը։
- Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան վերաբերող հարցերու մշտադիտարկումը։
- «Սփիւռքներու իրաւունք» գաղափարին տեսական եւ գործնական զարգացում։
Ցեղասպանութիւնը շարունակուող գործընթաց
Հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուող ցեղասպանութիւնը պէտք չէ դիտարկել որպէս 1915 թուականի պատմական իրադարձութիւն, այլ որպէս շարունակական, կազմակերպուած եւ փուլ առ փուլ զարգացող գործընթաց։
Ռազմավարական առաջարկ՝ Ստեղծել Հայկական Անվտանգութեան Համաշխարհային Յանձնախումբ
Հիմնական գաղափարէն կը բխի այն, որ հայ ժողովուրդը պէտք ունի մշտական կառոյցի մը, որ ցեղասպանական սպառնալիքները դիտարկէ ոչ միայն որպէս պատմական կամ իրաւական խնդիր, այլ որպէս ազգային անվտանգութեան հարց։
Համաշխարհային Հայկական Կրթական Վերածնունդ 2040
Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի գոյատեւման հիմնական գաղտնիքը եղած է ոչ թէ միայն պետականութիւնը կամ ռազմական յաղթանակները, այլ մշակոյթի, լեզուի եւ կրթութեան վրայ հիմնուած ազգային ինքնութեան ստեղծումը։
Այս մօտեցումը կը միտի խնդիրը դիտել 50-100 տարուան հեռանկարով՝ կեդրոնանալով այն գործօններուն վրայ, որոնք կ’որոշեն ազգի գոյատեւումը իրերայաջորդ սերնդափոխութեան ընթացքին։
Ազգային ինքնութիւնը կը պահպանուի հաստատութիւններով։ Պատմական օրինակները ցոյց կու տան, որ հայութեան ամէնէն մեծ յաջողութիւնները կրթական եւ մշակութային ներդրումներու արդիւնք եղած են։ Ժողովրդագրական եւ մշակութային վտանգներու սթափ գնահատականը, մասնաւորաբար ներկայացուած դպրոցական վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ներկայ համակարգը երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ անբաւարար է։
Ուստի կ՚առաջարկուի ստեղծել «Համաշխարհային Հայկական Կրթական Վերածնունդ 2040» նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակները պիտի ըլլան․
- Սփիւռքի հայկական դպրոցներու ընդգրկումը 15 տարուան ընթացքին բարձրացնել 30-40 տոկոսի։
- Տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծել charter school, immersion school եւ bilingual education մոտելներ։
- Հիմնել համաշխարհային «Հայկական Կրթական Ինկուբատոր»՝ նոր դպրոցներու եւ կրթական ծրագիրներու ստեղծման աջակցութեան համար։
- Զարգացնել առցանց եւ արհեստագիտական կրթական հարթակներ, որոնք կը հասնին այն ընտանիքներուն, որոնց զաւակները հայկական դպրոցներ չեն յաճախեր։
- Ստեղծել հայկական ինքնութեան, լեզուի եւ պատմութեան փոխանցման միջազգային միասնական ռազմավարութիւն։
Սփիւռքի կազմակերպական, նիւթական եւ քաղաքական հզօրացում
Միւս կարեւոր ուղղութիւնը հիմնականօրէն կեդրոնացած է սփիւռքի կազմակերպական, նիւթական եւ քաղաքական հզօրացման գործնական պայմաններուն վրայ՝ զբաղելով կառավարման, կազմակերպման եւ ազդեցութեան մեքանիզմներով։
Այս մօտեցման հիմնական արժէքը անոր գործնական եւ իրատեսական բնոյթն է, քանի որ սփիւռքի մեծամասնութիւնը անմիջականօրէն ներգրաւուած չէ ազգային գործունէութեան մէջ, եւ անհրաժեշտ է հասնիլ այդ լայն շրջանակներուն։ Առանձնապէս կարեւոր է նիւթական անկախութեան վրայ դրուած շեշտը, քանի որ տնտեսական ենթակառոյցները անհրաժեշտ են երկարաժամկէտ ազդեցութեան համար։ Կարեւոր է նաեւ պետութեան եւ կառավարութեան տարբերակման գաղափարը, որպէսզի քաղաքական տարակարծութիւնները չվերածուին պետական շահերու նկատմամբ անտարբերութեան։
Ուստի կ՚առաջարկուի ստեղծել «Համաշխարհային Սփիւռքեան Զարգացման եւ Հիմնադրամ» որուն հիմնական նպատակները պիտի ըլլան․
- Ապահովել սփիւռքեան կառոյցներու երկարաժամկէտ ֆինանսաւորում։
- Աջակցիլ նոր սերունդի առաջնորդական եւ կազմակերպչական ծրագիրներուն։
- Զարգացնել թուային հաղորդակցութեան եւ համահայկական տեղեկատուական հարթակներ։
- Ֆինանսաւորել համայնքային եւ քաղաքական ազդեցութեան ծրագիրներ։
- Ուսումնասիրել եւ մշակել Հայաստանի պետական համակարգին մէջ սփիւռքի ներկայացուցչութեան օրէնսդրական մոտելներ։